image

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մէջ բարեփոխումներ ընելու ժամանակն է. Լաւրով

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մէջ բարեփոխումներ ընելու ժամանակն է. Լաւրով

Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով յայտարարած է, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ բարեփոխումներ ընելու ժամանակը եկած է։

Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարի կարծիքով՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մէջ զարգացող երկիրներու պակաս կը զգացուի եւ այս խնդիրը պէտք է կարգաւորուի։

«Երբ նախորդ տարի Անվտանգութեան խորհուրդի 15 անդամէն վեցը արեւմտեան երկիր էին, իսկ յաջորդ տարի, հաշուի առնելով ոչ մշտական անդամներու վերընտրութիւնը, պիտի ըլլան արդէն եօթը՝ գրեթէ կէսը, ապա, ի հարկէ, սա լաւ չէ։ Բնականաբար սա ներկայանալի կազմ չէ»,- ըսած է Լաւրով «Ռոսիա-1»-ի եթերին։