image

Մահացած է հալէպահայ նուիրեալ բժիշկ տօքթ. Զարեհ Պիլէմճեան

Մահացած է հալէպահայ  նուիրեալ բժիշկ  տօքթ.  Զարեհ Պիլէմճեան

 Հեռաւոր Գանատայի մէջ իր աչքերը յաւերժին փակած է Հալէպահայ շրջանակներուն կողմէ մեծ յարգանք եւ սէր վայելող, նուիրեալ բժիշկ, ազգային գործիչ՝ տօքթ. Զարեհ Պիլէմճեանը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  հալէպահայ   (վերջին տարիներուն Երեւան հաստատուած) մտաւորական ՝ Յակոբ Միքայէլեանէն։

Ստորեւ հակիրճ տողերու մէջ կը ներկայացնենք հանգուցեալի կենսագրական գիծերը։

 Տօքթ. Զարեհ Պիլէմճեան ծնած է Հալէպի մէջ 1945-ին։Հանգուցեալը աւարտած է Հալէպի ՀԲԸՄ֊ի Լ. Նաճարեան֊ Գ. Կւլպէնկեան երկրդ. Վարժարանը։ Ապա  աւարտած է Երեւանի բժշկ. Համալսարանը։ Հալէպի Նոր Գիւղի շրջանին մէջ իր դարմանատունը բանեցուցած է երկար տարիներ։ Իր բարեհամբույր բնաւորութեամբ եւ բժշկական հարուստ գիտելիքներով սիրուած եւ յարգուած է թէ հայերէն եւ թէ արաբերէն։ Լաւ ընթերցող էր։ ինքզինք հանգստեան կոչելով փոխադրուեցաւ Գանատա իր տղուն մօտ, սակայն յաճախ այցելութեամբ կու գար Հայաստան։

 

 Բժիշկի հայրենի ծանօթներէն ՝ Ժորա Արշակը Բարսեղեան կը գրէ ՝

Այսօր կեանքն աւետեց մէկ ամբասիր ՝ ՀԱՅ, որն իր ամբողջ գիտակցական կեանքն ու էութիւնը նուիրեց մարդուն, Հալէպ քաղաքում ապրող բնակիչներին, ապա 2011թ. Սիրիական պատերազմի պատճառով, դարձեալ տեղահանուեց եւ բնակութեան մեկնեց հեռավոր՝ Տորոնտո քաղաք, որտեղ և աւետեց իր երկրային գիտակցական կեանքը... 

 Այս Ազնուագոյն, նուիրեալ, ՀԱՅԸ՝ ԶԱՐԵՀ ՊԻԼէՄՃԵԱՆՆ Էր, ամբողջ Սիրիայի համայնքում ճանաչուած, յարգուած, հազարաւոր հիւանդների նոր կեանք տուած, յայտնի ԲԺԻՇԿԸ։