image

Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ Մեծամօրի աթոմային ելեկտրակայանին․ Կրոսի

Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ Մեծամօրի աթոմային ելեկտրակայանին․ Կրոսի

Հայաստանի տնտեսութիւնը յենուած է Մեծամօրի աթոմային ելեկտրակայանի վրայ։ Թուիթըրեան իր էջին նման գրառում կատարած է Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան գլխաւոր տնօրէն Ռաֆայէլ Մարիանօ Կրոսին, որ աշխատանքային այցով Հայաստան կը գտնուի։

«Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնն առաջարկել՝ օգնելու աթոմակայանին ցած ածխածնային ուժանիւթը մատակարարել անվտանգ կերպով։ Միաժամանակ, ուրախ եմ տեսնելով Մեծամօրի մէջ իրականացուած անվտանգային բարեփոխումները, տպաւորուած եմ անձնակազմի յանձնառութեամբ»,–գրած է ան։

Յիշեցնենք, որ Կրոսիի հետ արդէն հանդիպած են ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Վարչապետի հետ հանդիպման ընթացքին զրուցակիցներն անդրադարձած են Հայկական աթոմային ելեկտրակայանի անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ աշխատանքներուն, միտքեր փոխանակած Հայաստանի եւ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւն (ԱԷՄԳ) միջեւ համագործակցութեան խորացման հնարաւորութիւններու շուրջ: