image

Լոս Անճելըսի մէջ. ՀՄԸՄ «Մասիս» մասնաճիւղի հիմնադրման 45-ամեակը պիտի նշուի

Լոս Անճելըսի  մէջ. ՀՄԸՄ «Մասիս» մասնաճիւղի հիմնադրման 45-ամեակը պիտի նշուի

5 Հոկտեմբերին պիտի նշուի Սան Ֆերնանտօ հովիտի ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 45ամեակը։ «Յարգելով մեր անցեալը՝ կառուցենք մեր ապագան» խորագրուած ձեռնարկը լուսարձակի տակ պիտի առնէ մասնաճիւղին իրագործումները։ Տօնակատարութիւնը նաեւ պաշտօնական մեկնարկը պիտի հանդիսանայ մասնաճիւղին երկրորդ կեդրոն մը կերտելու դրամահաւաքի ջանքերուն։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Լոս Անճելըսի մեր պաշտօնակից՝ «Ասպարէզ»էն, որ այս առթիւ մասնաւորապէս կը գրէ ՝

 

ՄԵԿՆԱՐԿ՝ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԵԴՐՈՆ ՄԸ ԿԵՐՏԵԼՈՒ ՋԱՆՔԵՐՈՒՆ

ՔԱՆՈԿԱ ՓԱՐՔ.- Արդէն իսկ նախապատրաստական աշխատանքները սկսած են մեծ շուքով նշելու համար  Սան Ֆերնանտօ հովիտի ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 45ամեակը։ 5 Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք տօնակատարութիւնը նաեւ պաշտօնական մեկնարկը պիտի հանդիսանայ մասնաճիւղին երկրորդ կեդրոն մը կերտելու դրամահաւաքի ջանքերուն։

1979էն ի վեր, ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղը շրջանի հայ համայնքը ի մի բերած է, հաւատարիմ մնալով առողջ եւ ազգասէր անհատներ կերտելու ՀՄԸՄի առաքելութեան։

Մասնակցողներուն համար հաճելի պահեր պարգեւելու կողքին, 5 Հոկտեմբերի՝ «Յարգելով մեր անցեալը՝ կառուցենք մեր ապագան» խորագրուած ձեռնարկը լուսարձակի տակ պիտի առնէ մասնաճիւղին իրագործումները։

Սոյն ձեռնարկը կազմակերպող յանձնախումբին առջեւ ելոյթ ունենալով, մասնաճիւղի ատենապետ Ճոզէֆ Թիթիզեան յոյժ կարեւոր նկատեց երիտասարդական նոր կեդրոնի մը հիմնումը, որպէսզի կարելի ըլլայ սահուն ընթացքի մէջ դնել մասնաճիւղին բարգաւաճումը։  

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը, կամ գրել gala@massis.org հասցէին։