image

Լոս Անճելըս. Ալին Պզտիկեան-Շիրաճեանի պատրաստած մանկապատանեկան հատորը հրապարակ հանուեցաւ

Լոս Անճելըս. Ալին Պզտիկեան-Շիրաճեանի պատրաստած մանկապատանեկան հատորը հրապարակ հանուեցաւ

Դպրոցական նոր տարեշրջանին հետ լոյս տեսած է մանկապատանեկան նոր գիրք մը, որուն հեղինակն է Ալին Պզտիկեան-Շիրաճեան։

Այս գիրքը գրաւիչ պատկերներով կը սորվեցնէ տարուան 12 ամիսներուն, տարուան 4 եղանակներուն անունները, իրենց հետ բերած բարիքները, եղանակներուն հետ եկող կլիմայի փոփոխութիւնները եւ պտուղներու անուններ։

Այս հրատարակութիւնը կը զօրացնէ փոքրիկին բառապաշարը, կը ծանօթացնէ Հայաստանի 2 շրջաններու անուններ, խորհուրդ կու տայ՝ ըլլալ բարի եւ համերաշխ եւ վերջաւորութեան անիկա առիթ կու տայ գունաւորելու չորս եղանակներու նկարներ եւ յիշելու, թէ անոնց հետ ինչպիսի պատկերներ կապուած են։

Ընթերցանութեան տողերը ոչ միայն կարճ եւ մատչելի են փոքր մանուկներուն, այլեւ նոյն ատեն ունին ձայներ հնչող տառեր, ինչպէս եամ, եամ, պրր, պրր, հօ՛, հօ՛, խրշ, խրշ, ճիւ, ճիւ, որոնք մանուկներու ականջին զուարճալի են։

Այս գիրքը միտուած է 2էն 7ը տարեկաններու համար։ Մինչեւ վեց տարեկաններու համար կարելի է կարդալ, իսկ աւելի մեծերը կրնան ինքնորոյն ընթերցել, իսկ բոլոր մանուկները կրնան զայն գունաւորել։

Այս գիրքը հեղինակ Ալին Պզտիկեան-Շիրաճեանի Լորին եւ Նարեկը մատենաշարին 16րդ մանկապատանեկան հրատարակութիւնն է։ Հեղինակը կը գործակցի Հայաստանաբնակ գծագրող Քրիստ Պետոյանի հետ։ Ան կը պաշտօնավարէ Շ. եւ Է. Մերտինեան վարժարանին մէջ՝ իբրեւ հայերէն եւ հայոց պատմութեան նիւթերու եւ թատերական արուեստի ուսուցչուհի։

«Լորին, Նարեկը եւ 4 եղանակները» կարելի է ձեռք ձգել հայկական գրախանութներէն ինչպէս՝ «Ապրիլ», «Սարդարապատ» եւ Արեւելեան ափի Առաջնորդարանի գրախանութէն կամ կապուելով հեղինակին հետ՝ գրելով alinehekiat@yahoo.com հասցէին:

Այս հրատարակութիւնը լոյս տեսած է երկու տարբերակներով՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն։