Ինչո՞ւ Մուսալեռցիք Խաչվերացի օրը կը նշեն, որպէս հերոսամարտի յիշատակման օր։ Այս մասին օրերս արտայայտուած է Այնճարի մէջ երկար տարիներէ ի վեր հոգեւոր ծառայութիւն մատուցող Տէր Աշոտ Աւագ Քհն.Գարագաշեանը։
Ան մասնաւորապէս ըսած է ՝ «Եթէ Խաչվերացի տօնը 15 սեպտեմբերին զուգադիպի, ապա այդ օրը Խաչվերացի տօնին հետ կը նշենք Մուսալեռան հերոսամարտի օրը, իսկ եթէ Խաչվերացի տօնը 15 սեպտեմբերէն առաջ զուգադիպի ապա տօնն ու Հերոսամարտի օրը կը նշենք շաբաթ մը անց։
Նշենք, որ այս մասին Տէր Հօր խօսքին տեսանիւթը քաղած են Այնճարի եւ Մուսալեռցիներու շրջանակներուն մէջ յարգուած անուն հանդիսացող Եսայի Հաւաթեանի դիմատետրի էջէն։
Այնճարցիք, որ շառաւիղն են Մուսալեան հայութեան կերպով մըն ալ դարձած են հայութեան յաղթանակի եւ ոգեղէն ամրութեան իսկական խորհրդանիշ։
Անոնք, ոչ միայն ձեխէն ու տիղմէն վեր հանած են Այնճար աւանը, այլ կերտած են ամբողջ Լիբանանի կտրուածքով գերազանցնապէս արժանի եւ գեղակերտ «հայկական ամրոց» մը, որ արժանի է բոլորի հիացմունքին եւ երախտիքին։
Բազում առումներով մեծ խնդիրներէ անցնող հայաշխարհին մէջ այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ Մուսալերան ու նաեւ Հայկական Այնճարի ոգին ու ոգեղէնը մեզի համար պէտք է ըլլան իրական դաս եւ իրական օրինակ։
Դիտեցէ՚ք տեսանիւթը։