Յիշեցնենք, որ «Արեւելք» մանրամասն կերպով գրած էր այս զազրելի ոճիրի մասին, թէ ինչպէս մայր մը իր երեք դուստրերուն հետ անհետացած էր, եւ միայն օրեր անց անվտանգութեան աշխատակիցներու ջանքերով եւ ոճրագործին խոստովանութեամբ գտնուած էին անոնց դիակները:
Լիբանանի ապահովական մարմիններ կարողացած են ձերբակալել օրեր առաջ Լիբանանի հարաւը գտնուող Անսար գիւղի մէջ տեղի եղած ոճիրին գլխաւոր մեղադրեալները:
Կը նշուի, որ մինչ առաջինը լիբանանցի երիտասարդ մըն է՝ Հասան Ֆայատ անունով, երկրորդը սուրիացի մըն է՝ Հասան Ալ Ղաննաշ:
Սուրիացի Ղաննաշը կարողացած են յայտնաբերել «Անսար»-ի երիտասարդները, որոնք յայտնած են, որ ան խոյս տուած էր դէպի սուրիական սահման:
Նշուած է, որ Հասան Ֆայյատ, որ զոհերու ընտանիքին մօտիկ համարուող երիտասարդ էր, հրաւիրած է մայրն ու դուստրերը ճաշարան մը: Մինչ ինք ու իր ընկերը արդէն մէկ օր առաջ ծրագրած են սպաննութիւնը ու պահած զէնքը մօտիկ քարանձաւի մը մէջ: Հասան Ֆայյատ առաջնորդած է զոհերը քարանձաւ ու այնտեղ կատարած ոճիրը: Սուրիացի մեղսակիցը օգնած է զանոնք թաղելու: