image

Լիբանանի մէջ. Սիրուած երաժիշտ՝ Գէորգ Պէպէճեան ինքնաշարժի արկածի զոհ (Լուսանկարներ)

Լիբանանի մէջ. Սիրուած երաժիշտ՝ Գէորգ Պէպէճեան ինքնաշարժի արկածի զոհ (Լուսանկարներ)

Երկուշաբթի, 26 փետրուար 2024-ին, Պէյրութի մէջ մահացած է լիբանանահայ մշակութային յայտնի գործիչ Գէորգ Պէպէճեանը։ Ան զոհ դարձած է ինքնաշարժի արկածի։

«Արեւելք»-ի՝ Պէյրութի աղբիւրներու հաղորդմամբ, Պէպէճեանը, որ աւելի քան երեք ամիս առաջ ինքնաշարժի ծանր վթարի ենթարկուած էր, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանդանոցին յատուկ խնամքի բաժանմունքէն ներս մահաքունի մէջ մնալէ ետք՝ մահացած է: Նշուած է նաեւ, որ վթարը պատահած է Լիբանանի Պեքաա լեռնային շրջանին մէջ։

Վերջին տարիներուն Պէպէճեանը փոխադրուած էր Այնճար հայաւան, ուր կը վարէր Այնճարի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ դպրապետի պաշտօնը։

 

Մեծ է Գէորգ Պէպէճեանի աւանդը երգարուեստի մէջ. ան մեծ նուիրումով լծուած եղած է պատանիներու՝ յատկապէս երաժշտական կրթութեան գործին: Հայ երգը ան անմնացորդ սիրով կը փոխանցէր նոր սերունդին: 

Շարականներէն բացի Գէորգ Պէպէճեանը աշուղական երգերու սիրահար ու կատարող էր, տարբեր առիթներով հանդէս կու գար որպէս աշուղական երգերու հմուտ մեկնաբան։

Մշակութային գործիչի մահուան լուրը կը սգայ Լիբանանի Համազգայինի ընտանիքը, որ ցաւակցութիւններ յայտնած է անոր հարազատներուն, Գէորգ Պէպէճեանի գործընկերներուն եւ անոր ճանչցողներուն։