image

Լիբանանցի ձկնորսին բարեսրտութիւնը. 132 Քիլոկրամ կշռող ձուկը ՝ կարիքաւորներուն (Տեսանիւթ)

  Լիբանանցի ձկնորսին բարեսրտութիւնը. 132 Քիլոկրամ  կշռող ձուկը ՝ կարիքաւորներուն (Տեսանիւթ)

 Պէյրութի Ռաուշէ շրջանի ծովափին Լիբանանցի ձկնորսը յաջողած է «հարուստ» ուռկանով իր օրը աւարտել։

Այս մասին   «Արեւելք»   իմացաւ MTV կայանէն։

 Մանրամասնութիւններուն մէջ կը նշուի, որ Սքաֆ անունով երիտասարդը կարողացած է  132 քիլոկրամ կշռող  Bluefin  տեսակի ձուկ մը որսալ։ 

Տեղադրուած տեսանիւթին մէջ կ՚երեւի, Սքաֆի ուրախութիւնը, որ լրագրողներուն խօսելով ըսած է, թէ իր որսացած ձուկը կը նուիրէ կարիքաւոր ընտանիքներու համար սնունդ ապահովող բարեսիրական միութեան մը։