Լիբանանցի յայտնի լրագրող Սերժ Ասմար իր ուղիղ եթերը աւարտելէ ետք գետին ինկած է։
Տեսանիւթը, որ կը վաւերագրէ իյնալու պահը եղած է Otv կայանի «սթիւտիո»էն ներս, ուր Ասմար կը ներկայացնէր իր հերթական հաղորդումը։
Լրատուական աղբիւրներ, որ մեծ անդրադարձով գրած են եղածին մասին կը նշեն, որ դէպքը հետեւանք կրնայ ըլլայ յոգնածութեան։
Կը նշուի նաեւ, որ Ասմար երաժշտական ոլորտի լրագրող է եւ ան հաղորդումներ կը վարէ նուիրուած՝ լիբանանցի աստղերու։