image

Վախ եւ սարսափ. Լիբանանցի «Թիք Թոքըր»ը վախով կը ներկայացնէ երկրի հարաւին մէջ առկայ իրավիճակը (Տեսանիւթ)

Վախ եւ սարսափ. Լիբանանցի «Թիք Թոքըր»ը վախով կը ներկայացնէ երկրի հարաւին մէջ առկայ իրավիճակը (Տեսանիւթ)


Լիբանանի հարաւային շրջանները կը շարունակեն մնալ տագնապահար։

Իսրայէլեան բանակի տարբեր զօրամիաւորումներ կրակ կը բանան ոչ միայն «Հըզպալլա»ի դիրքերու ուղղութեամբ (որոնց մեծ մասը անտեսանելի են բոլոր առումներով), այլ նաեւ թիրախ կը դարձնեն անզէն քաղաքայիններու կեցավայրերը։

Այս առումով ալ ուշագրաւ պատմութիւն մը տեղի ունեցած է երէկ, երբ Լիբանանցի երկու «Թիք-թոքըր»ներ հեռավար կապով փորձած են ի մի բերել Հարաւի մէջ ստեղծուած դրութիւնը։

«Թիք-թոքըրներ»ու միջեւ եղած խօսակցութեան կէսերուն լսելի կը դառնայ իսրայէլեան հարուածներու պահը, եւ «թիք-թոքըր» երիտասարդը հազիւ թէ կը կարողանայ պահել իր վախն ու սարսափի յոյզերը։ 

Կը նշուի նաեւ, որ դէպքը տեղի ունեցած է Հարաւային «Սըտիքին» հատուածին մէջ, ուր ամէնօրեայ դրութեամբ Իսրայէլ հարուածներ կը հասցընէ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային ողջ երկայնքով։