Ինծի համար շատ հետաքրքրական է գալ եւ տեսնել երկիր մը, որու մասին շատ բան գիտեմ, եւ որու մշակութային կարեւորութիւնը կը գիտակցիմ: Այս մասին «Գիտութեան եւ գործարարութեան օրեր 2023» համաժողովի շրջածիրէն ներս տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է աշխարհահռչակ փիլիսոփայ, գրող Նասիմ Թալէպը։
«Ինծի միշտ հետաքրքրած է ժառանգականութիւնը: 3 ալիք եղած է հայերու գաղթի հետ կապուած դէպի Լիբանան: Ես կ՚ապրիմ արեւմուտքի մէջ, բնականաբար, այնտեղի հայկական սփիւռքի հետ կը շփուիմ եւ մենք գիտենք, որ հայկական սփիւռքն ունի շատ փորձագիտական կարողութիւններ, շատ հմուտ է: Այնպէս որ, Հայաստանն ինծի համար, ինչ-որ տեղ ոգեշնչման աղբիւր է: Այստեղ ինձ շատ հարազատ կը զգամ, ինչպէս տանը»,-ըսած է ան:
Նասիմ Թալէպը, սակայն այսօր ցաւով կը խօսի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրողութիւններու մասին. «Այսօր շատ տխուր է իրավիճակը, քանի որ գիտեմ՝ Տիգրան Մեծի ժամանակ ծովէ ծով Հայաստան կար, մինչեւ Միջերկրական ծով կը հասնէր Հայաստանի տարածքը։
Վերջին տարիներուն, սակայն անընդհատ տարածքային կրճատումներ կը տեսնեմ Հայաստանի մէջ, նաեւ այս վերջին ցնցումը, ծանր էր»,-նշած է Թալէպը։
Նասիմ Թալէպի համար ցաւալի է, որ Արարատը կը գտնուի Թուրքիոյ տարածքին մէջ. «Հայկական մշակոյթը շատ լայն տարածում ունի, կը հասնի ընդհուպ Երուսաղէմ, եւ այսօր մենք կը տեսնենք, որ նոյնիսկ Երուսաղէմի մէջ այդ տարածքային կրճատումը կ՚ըլլայ:
Շատը ծանր է, որ մենք ականատես կ՚ըլլանք էթնիք զտումներու: Ի՞նչ պէտք է ընել, թերեւս աւելի շատ տեղեկացնել աշխարհին այդ մասին»,-ըսած է ան: