Կը նշուի, որ մասնագիտութեամբ ելեկտրագործ Յովիկը իրենց հարեւանին օգնութեան հասնելու ժամանակ կը սայթաքի եւ իյնալէն խուսաբելու նպատակով կը դիմէ իր մօտ եղող հաստ լարի մը օգնութեան, որուն վրայ եղած ելեկտրական հոսանք ու ծանրօրէն ելեկտրահարուելէ ետք կնքած է իր մահկանացուն։
Լիբանանահայ 30-ամեայ երիտասարդ Յովիկ- Շանթ Խտըրլարեան ելեկտրահար ըլլալով մահացած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի ազգականներէն։
Կը նշուի, որ մասնագիտութեամբ ելեկտրագործ Յովիկը իրենց հարեւանին օգնութեան հասնելու ժամանակ կը սայթաքի եւ իյնալէն խուսաբելու նպատակով կը դիմէ իր մօտ եղող հաստ լարի մը օգնութեան, որուն վրայ եղած ելեկտրական հոսանք ու ծանրօրէն ելեկտրահարուելէ ետք կնքած է իր մահկանացուն։
Մեր հայրենակիցը, որ սիրուած ու յարգուած էր իր շրջանակին կողմէ համեստ, բարի բնաւորութեան տէր եւ խոստմնալից երիտասարդ էր։
Նշենք, որ հանգուցեալ երիտասարդին (Ծնեալ 1992-ին ՝Պէյրութ) յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կայացուին երկուշաբթի փետրուարին հայահոծ Պուրճ Համուտ շրջանի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք ալ անոր մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն։
Այս առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն եւ ընկերներուն եւ մասնաւորապէս մեր թերթի բարեկամ, հանգուցեալի մօրեղբայր ՝Տիար Խաչիկ Կիւլեանին։