image

ԼՂ-ի հայերու վերադարձի իրաւունքն ոտնահարուած է․ Ֆրանսայի դեսպան

ԼՂ-ի հայերու վերադարձի իրաւունքն ոտնահարուած է․ Ֆրանսայի դեսպան

Լեռնային Ղարաբաղի հայերու վերադարձի իրաւունքը, որ ճանչցուած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կողմէ, այսօր ոտնահարուած է։ Այս մասին X-ի իր էջին գրած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին։

«Ստեփանակերտ տանող ճանապարհն այժմ փակ է։ Լեռնային Ղարաբաղի 100 000 հայեր ստիպուած եղած են լքել իրենց տուները 9-ամսեայ շրջափակումէ եւ Ատրպէյճանի դաժան յարձակումէն ետք։

Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կողմէ ճանչցուած անոնց վերադարձի իրաւունքն այսօր ոտնահարուած է»,- գրած է ան։