Ժընեւեան համաձայնագիրներուն համաձայն՝ ցեղասպանութեան ձեւերէն մէկը խումբի ֆիզիքական ոչնչացումի պայմաններ ստեղծելն է, այդ տեղի կ'ունենայ Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով։
Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման նուիրուած առցանց խորհրդաժողովի ժամանակ ըսած է անկախ միջազգային փորձագէտ, Միջազգային քրէական դատարանի առաջին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ։
Ան նշած է, որ Միջազգային քրէական դատարանի որոշմամբ Լաչինի միջանցքը պէտք է բացուէր, սակայն ատրպէյճանական կողմն անտեսած է այն, բոլորը կոչ կ'ընեն Ատրպէյճանին դադրեցնելու շրջափակումը․ «Ալ ի՞նչ այլ ապացոյցներ անհրաժեշտ են»։
Ան ըսած է, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի յայտարարութիւնը կը հաստատէ, որ հնարաւոր չէ պարէն, մթերք, դեղորայք տեղափոխել միջանցքով, սովը նոյնպէս ցեղասպանութիւն է, եւ որ կանխելու պատասխանատուութիւնը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին վրայ է։
«Ռուսիան, Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները պէտք է այնպէս ընեն, որ փոխեն իրավիճակը, չնայած որ ուքրանական հակամարտութիւնը անոնց տարանջատեց»,- ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ հայերը պէտք չէ ըլլան ուքրանական հակամարտութեան կողմնակի զոհ։
«Պայտըն ճանչցած է 1915 թուականի Ցեղասպանութիւնը, իսկ այժմ անհրաժեշտ է կանխել նոր ցեղասպանութիւն»,- նշած է փորձագէտը։
Օքամփօն ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ Ատրպէյճան կը հրաժարի կատարելէ դատարանի՝ Լաչինի միջանցքը բանալու որոշումը, եւ որ այս հարցով ՄԱԿ-ը քայլերու պէտք է ձեռնարկէ։