image

Լարուած մթնոլորտ Եռաբլուրի մէջ. Ոստիկանութիւնը բերման ենթարկած է նահատակ զինուորներու տասնեակ ծնողներ (Տեսանիւթ)

 Լարուած մթնոլորտ Եռաբլուրի մէջ. Ոստիկանութիւնը բերման ենթարկած է նահատակ զինուորներու տասնեակ ծնողներ (Տեսանիւթ)

Այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ լարուած իրավիճակ տիրած է Եռաբլուր նահատակաց Պանթէոնէն ներս։ 

 Այս մասին իմացանք հայրենի լրասփիւռներէ։

 Կը նշուի, որ լարուած մթնոլորտին հետեւանքով ոստիկանութեան «Կարմիր պէրէ»ի միաւորներ բերման ենթարկած են տասնեակ ծնողներուն, որոնք երէկուան ժամերէն հասած էին Եռաբլուր։ 

 Ծնողներուն նպատակն էր իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնել  Անկախութեան օրուան առթիւ  Եռաբլուր այցելող Փաշինեանի ու անոր ընկերակիցներուն դէմ։ Կը նշուի նաեւ, որ ծնողներէն շատեր մօտեցած են այնտեղ տեղադրուած պսակներուն ու զանոնք տեղադրած այլ վայր ու վրայէն ալ հանած դրուած ժապաւէնները։

  Ստորեւ կը ներկայացնենք համացանցի վրայ տարածուած ու եղածին մասին պատմող կարճ տեսանիւթը։