image

Լափիտի պահանջը Թուրքիայէն. Փակել «Համաս»ի կեդրոնները

Լափիտի պահանջը Թուրքիայէն. Փակել «Համաս»ի կեդրոնները

Իսրայէլեան «i24news» կայքը մէջբերած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եայիր Լափիտի խօսքը, թէ «Սթամպուլի մէջ ՀԱՄԱՍ-ի գրասենեակները պէտք է փակուին»:

Ըստ կայքին՝ այս խնդրանքը յառաջ եկած է այն բանէն ետք, երբ յայտնաբերուած է շարժման առնչուած բջիջ մը, որ ցուցումներ կը ստանայ Թուրքիոյ մէջ ՀԱՄԱՍ-ի ղեկավարութենէն։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Լափիտ յաւելած է. «Համասի ահաբեկչութեան դէմ գործելը ոչ միայն Իսրայէլի պարտականութիւնն է, այլ նաեւ՝ ամբողջ միջազգային հանրութեան», ընդգծելով, որ «աշխարհի երկիրները պէտք է գործեն ինչպէս վարուեցաւ Բրիտանիան եւ արգիլեն Համասը»:

Պնդում կայ, որ «բջիջը հրահանգներ ստացած է ՀԱՄԱՍ-ի ղեկավարի տեղակալ Սալէհ Արուրիէն, եւ որ ազատագրուած բանտարկեալները կը գտնուին Թուրքիոյ, Լիբանանի եւ Կազայի մէջ»:

Վերջին շրջանը եղաւ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի մերձեցման ականատես, քանի որ թրքական իշխանութիւնները ազատ արձակեցին իսրայէլցի զոյգ մը, որ բանտարկուած էր Թուրքիոյ նախագահին նստավայրը լուսանկարելու մեղադրանքով, իսկ իսրայէլեան լրատուամիջոցները յայտնած են, որ ազատ արձակումը տեղի ունեցած է Էրտողանի անձնական միջամտութենէն ետք: Աւելի ուշ, Էրտողանի եւ անոր իսրայէլցի գործընկեր Իսահակ Հերցոկի միջեւ շփում տեղի ունեցած է, որու ընթացքին Թուրքիոյ նախագահը համարած է, որ իր երկրին յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ «կարեւոր են Մերձաւոր Արեւելքի կայունութեան համար»։

Նշենք, որ Մեծն Բրիտանիան Համասը դասած է «ահաբեկչական կազմակերպութիւն» եւ սպառնացած է բոլոր անոր աջակցողները բանտարկել։ Այս որոշումը լայնօրէն դատապարտած են պաղեստինեան, լիբանանեան եւ եմէնեան կողմերը։