image
Հրատապ լուրեր:

Լաչինի միջանցքը խոչընդոտ է խաղաղութեան գործընթացին դէմ

Լաչինի միջանցքը խոչընդոտ է խաղաղութեան գործընթացին դէմ

Պաշտօնական Ուաշինկթընի գնահատմամբ՝ Լաչինի միջանցքի արգելափակումը կը խոչընդոտէ խաղաղութեան գործընթացին եւ կը խաթարէ միջազգային վստահութիւնը:

«Ազատութեան» հարցման ի պատասխան՝ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունէն յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ «մտահոգուած մնալ Լաչինի միջանցքի հասանելիութեան խաթարման եւ ստեղծուած իրավիճակի մարդասիրական հետեւանքներու առնչութեամբ»։

«Մենք կոչ կ'ընենք լիարժէք վերականգնելու ազատ տեղաշարժը՝ միջանցքով։ Բոլոր հարցերով առաջընթացի միակ ճանապարհը բանակցութիւններն են»,- յայտնած են դեսպանատունէն։

Հարցին, թէ արդեօ՞ք Միացեալ Նահանգները որեւէ քայլ կը ձեռնարկէ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի ուղղութեամբ, հնարաւո՞ր է մարդասիրական օգնութեան տրամադրում Արցախին, դեսպանատունէն պատասխանած են. «Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը կ'արձագանգէ Հայաստան գտնուող տեղահանուած անձանց կարիքներուն՝ ՀՀ կառավարութեան պահանջներուն համահունչ»։