image

Լաչինի միջանցքին ոչ մէկ մաքսակէտ. Դաւիթ Բաբայեան

Լաչինի  միջանցքին ոչ մէկ մաքսակէտ. Դաւիթ Բաբայեան

Արցախի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Բաբայեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կարելիութիւն կայ Լաչինի միջանցքի բացումին՝ առանց յստակ ժամկէտի մասին խօսելու։ Ըստ անոր՝ ներկայ դրութեամբ, այդ գծով աշխատանքներ կը տարուին։  «Այս պահին աշխատանքներ են տարւում այդ ուղղութեամբ: Բաներ կան, որ, ի հարկէ, մենք հրապարակային չենք կարող ասել, բայց մեծ աշխատանք է տարուել Արցախ-Հայաստան-Սփիւռք, ե՛ւ աշխարհաքաղաքական կենտրոնների հետ, ե՛ւ մեր տարբեր խողովակներով, կարծում եմ, որ հնարաւորութիւն կայ բացուելու: Յոյսով ենք, որ կը բացուի, բայց, այնուամենայնիւ, պէտք է հասկանալ, որ նման միջադէպերը, նման ահաբեկչական գործողութիւնները կարող են լինել շարունակական, ըստ երեւոյթի այդպէս է լինելու», ընդգծեց Բաբայեան:

Արձագանգելով Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտ տեղադրելու վերաբերեալ ատրպէյճանական կողմէ հնչող յայտարարութիւններուն՝ Բաբայեան ըսաւ, որ անիկա նոյնիսկ քննարկման ենթակայ չէ, ըստ եռակողմ յայտարարութեան, միջանցքին հսկողութիւնը կը կատարեն միայն ռուս խաղաղապահները:

«Սա Արցախի համար ոչ թէ լինելու է անցման կէտ, հսկիչ կէտ կամ մաքսակէտ, լինելու է բանտ տանելու մի կէտ, որովհետեւ ամէն մէկին բռնելու են: Չեմ կարծում, որ այստեղ կարող է լինել որեւէ յետնահանջ, դա անհնարին է», նշեց ան:

Ան 16 Դեկտեմբերին կը գտնուէր Ազգային ժողովին մէջ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ թէ՛ իշխանական եւ թէ ընդդիմադիր պատգամաւորներուն հետ:

«Հայաստանի իշխանութիւնների հետ քննարկել ենք տարբեր հարցեր՝ խորհրդարանական դիւանագիտութեան ոլորտում համատեղ աշխատանքներ իրականացնելու, համատեղ կերպով Արցախի հայութեան շահերը պաշտպանելու վերաբերեալ, այդ պատրաստակամութիւնը իսկապէս կայ»,-ըսած է Դաւիթ Բաբայեան։

Վերջինս նշեց, որ Ռուսիան աշխուժ կերպով ներգրաւուած է միջանցքի բացման աշխատանքներուն։

«Մենք ուզում ենք, որպէսզի համապատասխան քայլեր ու գնահատականներ անեն նաեւ այլ  երկրները եւս։ Գոհունակութեամբ ուզում ենք նշել, որ լաւ յայտարարութիւններ են եղել ԱՄՆ-ից, Ֆրանսայից, եւրոպական տարբեր երկրներից, որոնք դատապարտել են Ատրպէյճանին։ Այժմ ուզում ենք, որ գործընթացը յայտարարութիւնների փուլից անցնի գործնական փուլ, որովհետեւ Ատրպէյճանի այդ ակցիան քաղաքակիրթ աշխարհի դէմ է»,- ըսած է Բաբայեան։

Հարցին՝ հնարաւոր կը համարէ՞, որ այս քայլով Ատրպէյճան կը փորձէ նաեւ ճնշումներ գործադրել ՀՀ-ի վրայ, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցքի» բացման համար, Բաբայեան ըսած է․

«Եթե ճնշում են Արցախը, բնական է, որ այդ ցաւը, այդ ճնշումը չի կարող չտարածուել նաեւ Հայաստանի վրայ, բայց փոխկապակցել մէկը միւսի հետ, ճիշդ չէ, ընդհանրապէս ես չեմ ընդունում «Զանգեզուրի միջանցք» հասկացութիւնը»։