image

Լաչինի միջանցքի վերաբացման մասին Կիպրոս յայտարարութիւն հրապարակած է

Լաչինի միջանցքի վերաբացման մասին Կիպրոս յայտարարութիւն հրապարակած է

Կիպրոս կը դատապարտէ Լաչինի միջանցքի շարունակուող շրջափակումը եւ խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Առցախի մարդասիրական ճգնաժամին գծով:

«Արմէնփրէս»ը կը յայտնէ, որ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս մասին հրապարակում կատարած է «Թուիթըր»ի իր պաշտօնական էջին վրայ: Հրապարակումը «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ տեղադրեց Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Ալպանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտչեան:

«Ատրպէյճան պէտք է շտապ վերացնէ շրջափակումը եւ երաշխաւորէ ապահովութիւնը եւ տեղաշարժի ազատութիւնը ` ըստ 2020ի զինադադարի յայտարարութեան եւ Միջազգային դատարանի որոշման», կը նշուի հրապարակման մէջ։