image

Կը յաւակնի՞ ՀՀ վարչապետի պաշտօնին, թէ ոչ. Ռոպերթ Քոչարեանի պատասխանը

Կը յաւակնի՞ ՀՀ վարչապետի պաշտօնին, թէ ոչ. Ռոպերթ Քոչարեանի պատասխանը

ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի այսօրուայ ասուլիսի ժամանակ լրագրողները հետաքրքրուած են`կը յաւակնի՞ ան արդեօք ՀՀ վարչապետի պաշտօնին, Ի պատասխան Քոչարեանը նշած է, որ եթէ ընտրութիւններ ըլլան, իրավիճակը կը գնահատէ։

«Ես մասնակցել եմ ընտրութիւններին եւ «Հայաստան» դաշինքի առաջին համարն էի, իսկ սա նշանակում է` այո՛, պատրաստ էի։ Եթէ չի ստացուել, ուրեմն բաւարար զանգուած կա՛մ չի հաւատացել մեզ, կա՛մ շարունակում է հաւատալ ներկայ իշխանութիւններին։ Սակայն մենք շարունակում ենք պայքարը, եւ ես գիտակցում եմ, որ այսօր աւելի հաւանական է մասնակի իշխանափոխութեան մոտելը»,-ըսած է Քոչարեան` աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ իրավիճակն այնքան պայթիւնավտանգ է, որ կրնայ ամէն ինչ փոխուիլ։

Ըստ անոր` եթէ կայ մարդ, որ կրնայ հանրութիւնը համախմբել, ապա ինքը պատրաստ է աջակցելու։

Քոչարեան նշած է, որ «աչքի առաջ» 3-4 հոգի ունի, որոնք կրնան վարչապետի` ընդդիմութեան միասնական թեկնածուն ըլլալ։ Սակայն ՀՀ երկրորդ նախագահը զերծ մնացած է անուններ տալէ` ըսելով, որ կրնան քրէական գործեր յարուցուիլ անոնց դէմ։