image

Կը սպասենք ՀՀ Սահմանադրութեան հետ կապուած պարզաբանումներու. Հաճիեւ

Կը սպասենք ՀՀ Սահմանադրութեան հետ կապուած պարզաբանումներու. Հաճիեւ

Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումի շրջածիրէն ներս տեղի ունեցած է քննարկում «Խաղաղութիւնը, զարգացումն ու կապուածութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ» խորագրով, ուր որպէս բանախօսներ հանդէս եկած են նաեւ ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը, Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը, Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով Թուրքիոյ բանագնաց Սերտար Քըլըչը, Հարաւային Կովկասի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը։

Ալիեւի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւն իր խօսքին մէջ նշած է, որ Ատրպէյճանի համար հակամարտութիւնը աւարտած է արդէն, եւ օրակարգի վրայ է խաղաղութիւնն ու տարածաշրջանային համագործակցութիւնը։

«2020-էն ետք հիմնական 5 սկզբունքներ ընտրուած էին խաղաղութեան հասնելու համար, խաղաղութեան պայմանագրի բնագիրը պատրաստուած էր Ատրպէյճանի կողմէ եւ ներկայացուած հայկական կողմին, որ իր հերթին հաստատած էր մեր օրակարգը։

Մենք պէտք է հաւատարիմ մնանք խաղաղութեան օրակարգին Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ եւ մենք կը խօսինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մասին։ Այն Փարիզ կամ Պրիւքսէլ չէ, եւ մեր երկիրներու միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրն այնտեղ պէտք չէ կնքուի, այլ անհրաժեշտ է միասին աշխատիլ, որ տարածաշրջանային փոփոխութիւններու հասնինք։ Մեզի համար որոշ հարցեր բաց մնացած են եւ մենք կը սպասենք բացատրութիւններու կապուած ՀՀ Սահմանադրութեան ու իրաւական որոշ կէտերու հետ։ ՀՀ-ի մէջ դեռ կայ «միացում» բաղադրիչը եւ այն կապուած է Լեռնային Ղարաբաղի հետ, որ կը մտնէ ՀՀ սահմանադրութեան լիազօրութիւններու մէջ եւ որոշ յղումներ կ՚ըլլան Ալմա Աթայի հռչակագրին։ Մենք կը սպասենք բացատրութիւններու հայկական կողմէն եւ ատոնք պէտք է տրուին հնարաւորինս շուտ »,- նշած է Հաճիեւը։