image

Կը պատրաստուիմ դատ բանալ Ալիեւի դէմ. Ֆրանսացի պաշտօնեայ

Կը պատրաստուիմ դատ բանալ Ալիեւի դէմ. Ֆրանսացի պաշտօնեայ

Մեր նպատակն է այնպէս ընել, որ ֆրանսական դիւանագիտութիւնը սկսի գործել։

Այս մասին Գորիսի մէջ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ըսած է Հայաստան ժամանած Ֆրանսայի տարածաշրջանի խորհուրդի փոխնախագահ Փաթրիք Քարամը։

Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ դիմած է իր փաստաբանին, որ միջազգային քրէական դատարանին մէջ հաւատարմագրուած է, որ ան Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի դէմ բողոք ներկայացնէ։

Ֆրանսացի պաշտօնեայի նպատակն է թիրախաւորել Ալիեւը, որովհետեւ ան բռնակալ է եւ անոր դէմ պէտք է պայքարիլ։

Փաթրիք Քարամը նշած է, որ ինչպէս կը թիրախաւորեն Փութինը, նոյն ձեւով ալ պէտք է թիրախաւորեն նաեւ Ալեւեը։

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի մարդասիրական օգնութիւնը հասած է Կոռնիձոր՝ Լաչինի միջանցքի սկիզբ, սակայն Ատրպէյճանը կ'արգիլէ, որ բեռերը հասնին Արցախ։ Փարիզի քաղաքապետն ու գործընկերները ուղեկցած են շարասիւնին։