image

Կը մրցին երկու ծեր ձի. Մետվետեւը՝ ԱՄՆ-ի նախագահական մրցապայքարին մասին

Կը մրցին երկու ծեր ձի. Մետվետեւը՝ ԱՄՆ-ի  նախագահական մրցապայքարին  մասին

Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւը յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ընթացող նախընտրական մրցավազքին «կը մրցին երկու ծեր ձի»։ Այս մասին գրած է «Ռիա Նովոսթի»-ն:

«Կը կարծեմ բոլոր շեշտադրումները պարզ են... կայ ոչ թէ «գորշ քարտինալ», այլ երկու ծեր ձի: Ի դէպ, չեմ կրնար ըսել, որ անոնք ակօսները չեն փճացներ, ռուսական ասացուածքի համաձայն (հին ձին ակօսները չի փճացներ - խմբ.), բայց ատոնք կան»,- նշած է Մետվետեւը՝ պատասխանելով հարցին, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածուներու շարքին կա՞յ գորշ քարտինալ:

Անոր կարծիքով՝ բոլորն ալ յաղթելու հնարաւորութիւն ունին, բայց եթէ Տանըլտ Թրամփը «վերջապէս բանտ չնստեցնեն, ապա ան կրնայ ընտրուիլ»։

«Եւ եթէ խօսինք Ժոզեփ Պայտընի մասին, ան նոյնպէս կրնայ ընտրուիլ: Այստեղ հիմնական խնդիրն այն է, որ նախագահ դառնալու համար ան պէտք է յիշէ երդմնակալութեան օրը եւ թէ ինչ կ՚ընեն այդ պահուն», -ըսած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահը, որ դահլիճին մէջ ծիծաղ առաջացուցած է։