image

Կրասնոտարի մէջ ձերբակալուած է Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութեան գործակալ

Կրասնոտարի մէջ ձերբակալուած է Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութեան գործակալ

Անվտանգութեան դաշնային ծառայութիւնը յայտնած է, որ Կրասնոտարի մէջ Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութիւններու գործակալ ձերբակալուած է։

««Արչի» ազդականչով գործակալը տեղեկութիւններ հաւաքած եւ փոխանցած է Ուքրանիոյ յատուկ ծառայութեան աշխատակիցներուն», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան տուեալով` տղամարդը անձամբ կապ հաստատած է ուքրանացի ուժայիններու հետ եւ գումարի դիմաց ստացած ու փոխանցած է տեղեկութիւններ, որոնք կրնան օգտագործուիլ Ռուսիոյ Դաշնութեան անվտանգութեան դէմ։

Ձերբակալուածի նկատմամբ քրէական գործ յարուցուած է պետական դաւաճանութեան յօդուածով։