Փետրուար 19-ին՝ ժամը 03:30-ին, երեք անյայտ անձ Ատրպէյճանի ուղղութեամբ խախտած են ատրպէյճանա-իրանեան պետական սահմանը, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Նշուած է, որ սահմանապահները կարգադրած են կանգ առնել եւ նախազգուշացնող կրակ բացած են օդ, սակայն սահմանախախտները չեն ենթարկուած հրամանին եւ ետ փախած են Իրանի տարածք։
Դէպքի վայրին մէջ յայտնաբերուած եւ առգրաւուած է 15 քկ 600 կրամ մարիխուանա, 30 միաւոր Prostahealth դեղամիջոց եւ 1000 մեթատոն մ-40 դեղահապ։