image

Կրակոցներ Երեւանի մէջ. Կայ վիրաւոր

Կրակոցներ Երեւանի մէջ. Կայ  վիրաւոր

Մարտ 7-ին, կրակոցներ հնչած Երեւանի մէջ: Ժամը 02:10-ի սահմաններուն «Աստղիկ» բժշկական կեդրոնէն ոստիկանութեան կեդրոնական բաժին ահազանգ ստացուած է, որ «մարմնի տարբեր հատուածներուն մէջ հրազէնային վնասուածք» ախտորոշմամբ իրենց մօտ տեղափոխուած է քաղաքացի մը:

Մինչ բժիշկները կը պայքարէին անոր կեանքին համար, ոստիկանները պարզած են, որ վիրաւորը Երեւան քաղաքի բնակիչ` 50-ամեայ Արսէն Սարգսեանն է:

Ոստիկանները պարզած են, որ դէպքը տեղի ունեցած է Մոսկովեան փողոցի 31 շէնքի բակին մէջ:

Պարզուած է, որ նշուած շէնքի բակին մէջ անյայտ անձը տակաւին չպարզուած հրազէնէն քանի մը կրակոց արձակած է Ա. Սարգսեանի ուղղութեամբ, ապա դէպքին վայրէն դիմած է փախուստի:

Ըստ տեղեկութիւններուն, վիրաւորը քրէական աշխարհին մէջ յայտնի ու մեծ հեղինակութիւն ունեցած, «օրէնքով գողօ Արմէն Քանեւսքոյի սանիկն է` «Մալխաս ջազ» ակումբի եւ «Սմոքինկ»  ճաշարանային համալիրի սեփականատէրը: