image

Կրակոց Երուսաղէմի մերձ. Կայ 1 զոհ եւ 8 վիրաւոր

Կրակոց Երուսաղէմի մերձ. Կայ 1 զոհ եւ  8 վիրաւոր

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը 

Չի բացառուիր, որ տեղի ունեցածը ստանձնեն պաղեստինեան կազմակերպութիւններ, դիտել տալով, որ արարքը պէտք է համարել փոխ-վրէժի գործողութիւն, ի տես Կազայի մէջ Իսրայէլի կողմէ ամէն օր գործադրուող սպանդներուն։

Այսօր առաւօտեան ժամերուն կրակոց գրանցուած է Երուսաղէմի արեւելեան հատուածի «Մահալիա ատոմիմ» շրջանին մէջ։

Մանրամասնութեանց մէջ կը հաղորդուի, որ ծրագրուած կրակոցի երկու հեղինակները, օգտուելով ճանապարհային խցանումէն, դուրս եկած են իրենց ինքնաշարժէն եւ կրակ բացած անցորդներու ուղղութեամբ։

Կրակոցին հետեւանքով զոհուած է 1անձ եւ 8 ուրիշներ տարբեր մակարդակի վիրաւորում ստացած են։

Իսրայէլեան աղբիւրներ, որ եղածը համարած են անկանխատեսելի եւ բարդ գործողութիւն մը, նաեւ յայտնած են, որ դէպքին հեղինակները շրջան հասած են Արեւմտեան ափէն եւ ապահովական միաւորներու հետ բախումի բռնուելէ ետք տեղն ու տեղը վնասազերծուած։

Ըստ նախնական տուեալներու, դէպքը կատարողները եղած են նախապատրաստուած ու անոնց մէկ ընկերը    խցանում ստեղծած է ճանապարհին, որմէ անմիջապէս ետք եղած է կրակոցը։

Չի բացառուիր, որ տեղի ունեցածը ստանձնեն պաղեստինեան կազմակերպութիւններ, դիտել տալով, որ արարքը պէտք է համարել փոխ-վրէժի գործողութիւն, ի տես Կազայի մէջ Իսրայէլի կողմէ ամէն օր գործադրուող սպանդներուն։