image

Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատը հայանպաստ բանաձեւ կ'ընդունի

Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատը հայանպաստ բանաձեւ կ'ընդունի

Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատը միաձայն ընդունեց «Հայերու նկատմամբ Ատրպէյճանի շարունակական յարձակումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընթացիկ իրավիճակին վերաբերեալ» վերտառութեամբ բանաձևեւը:

Բանաձեւը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի յարձակումը Հայաստանի եւ Արցախի դէմ` կը պահանջէ ի կատար ածել 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի զինադադարի յայտարարութեան դրոյթները, այդ շարքին՝ գերիներու անյապաղ արձակումը: Միաժամանակ այն կոչ կ'ընէ միջազգային հանրութեան՝ գործելու այնպէս, որու շնորհիւ կը դադրի Ատրպէյճանի յարձակումը Հայաստանի նկատմամբ, ինչպէս նաեւ կը յորդորէ միջազգային կառույցներուն մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերել Արցախի բնակչութեան:

Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ թրքական ներգրաւուածութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած պատերազմին մէջ: