Առաջին անգամը չէ, որ «Արեւելք»ի հարթակով կ՚անդրադառնանք Կիպրահայ երիտասարդ մարզիկ Անդրանիկ Սարգիս Աշճեանի յաջողութիւններուն։
Այս անգամ մեր հաղորդելիք լուրը աւելի ընդգրկուն է, վաւերական եւ խոստմնալից։
Արդարեւ օրեր առաջ Ֆինլանտայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական Աթլէթի մրցումներուն մեր հայրենակիցի կարողացած է, ոչ միայն բարելաւել իր մրցանիշները, այլ ընդհանուր դասաւորման մէջ զբաղեցնել պատուաւոր 7-րդ դիրքը։
Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք Անդրանիկին, վստահ ըլլալով, որ անոր յաջողութիւններն ու նուաճումները յարաճուն կերպով պիտի շարունակուին պարծանք հանդիսանալով, ոչ միայն իր ծննդավայր Կիպրոսին այլ ամբողջ հայութեան։
Առիթէն օգտուելով կը շնորհաւորենք անոր ծնողները Անդրանիկ եւ Ալին Աշճեանները, որոնք համոզիչ եւ նուիրական ջանքեր ի գործ դրած են ապահովելու համար Անդրանիկ կրտսերի մշտանորոգ նուաճումները։
Ստորեւ մեր ընթերցող հասարակութեան կը ներկայացնենք Անդրանիկ Սարգիս Աշճեանի Ֆինլանտայի մէջ ձեռք ձգած նուաճումին մասին կիպրական մամուլի յապաւուած մէկ անդրադարձը։
Ֆինլանտայի Թամպերե քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի Կ20 աթլետիկայի առաջնութեան ընթացքին, Կիպրոսը ունեցաւ իր պատմական մէկ պահը․ երիտասարդ աթլեթ Անդրանիկ Սարգիս Աշճեան երեք քայլ ոստումի աւարտական մրցումներուն գրաւեց 7-րդ տեղը՝ դառնալով Կիպրոսի այս առաջնութեան լաւագոյն մրցանիշ կրողը։
Եւրոպական Աթլետիկայի Ֆետերասիոնը որոշեց չեղեալ համարել ֆրանսացի Էմանուէլ Ինդինայի արդիւնքը՝ անթոյլատրելի մարզակօշիկներ օգտագործելու պատճառով։ Արդիւնքը վերանայուելէ ետք Աշճեան բարձրացաւ մէկ դիրքով եւ հաստատեց իր տեղը առաջին եօթնեակին մէջ։
19-ամեայ Աշճեան, որ կը մարզուի Ռէնոս Կոլոկոտրոնիի մօտ, իր լաւագոյն ցատկը արձանագրեց երկրորդ փորձին՝ 15,57 մ. (+0,3 մ/վ), սակայն չկրցաւ զայն գերազանցել յաջորդ փորձերուն։ Նախնական փուլին ան արդէն աչքի ինկած էր տպաւորիչ 15,68 մ․ արդիւնքով, որ զինք հասցուցած էր 5-րդ լաւագոյն դիրքին։ Աւարտականին , սակայն շարք մը մրցակիցներ իրենց անձնական մրցանիշները գրանցեցին, եւ մրցանակները վճռուեցան 15,71 մեթր սահմանին շուրջ։
Աշճեանի յաջողութեամբ Կիպրոս երկրորդ անգամն ըլլալով կը հասնի այս մակարդակի աւարտականի մը։ Անցեալին Կիրակոս Կայթանճի մուրճաձգումի մրցումին գրաւած էր 11-րդ դիրքը։ Բացի այդ, կիպրացի վազորդներ Մարկոս Անտոնիատէս (400 մ.) եւ Իզապելլա Սոֆիա Մոսէթի (100 մ. արգելաւազք) յաջողեցան ապահովել կիսաեզրափակիչի ուղեգիր։
Այսպիսով, Կիպրոսի պատուիրակութիւնը Թամպերեէն կը վերադառնայ արժանապատիւ յիշատակումով Շնորհաւորանքներ Անդրանիկ Ս. Աշճեանին եւ անոր մարզիչին՝ Ռէնոս Կոլոկոտրոնիին, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի ամբողջ պատուիրակութեան։