Քննչական կոմիտէի կողմէ քննուող քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս առողջապահութեան նախարարութենէն ներս, ինչպէս նաեւ բժշկական կեդրոններէն մէկուն մէջ, կ՚ընթանան խուզարկութիւններ՝ ԱԱԾ-ի հետ համատեղ։ Այդ մասին յայտնած է Քննչական կոմիտէի խօսնակ Գոռ Աբրահամեանը։
Վերջինս չէ մանրամասնած, թէ ինչ վարոյթի մասին է խօսքը։ Վարոյթը կը քննուի Պետութեան, սահմանադրական կարգի հիմունքներու եւ հասարակական անվտանգութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու քննութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ։
Բժշկական կեդրոնը, ուր ԱԱԾ-ն ու Քննչական կոմիտէն խուզարկութիւն կ՚իրականացնեն, «Ուիգմոր»-ն է։ Տեղեկութիւնը հաստատած է բժշկական կեդրոնի հաղորդակցութեան պատասխանատուներէն Աննա Թաւաքալեանը։