image

Խուճապի չմատնուիլ. Դաւիթ Բաբայեան

Խուճապի  չմատնուիլ. Դաւիթ Բաբայեան

Խօսելով Արցախի մէջ տիրող իրավիճակի մասին, ըսեմ, որ անհանգստանալու եւ խուճապի մատնուելու կարիք չկայ, դիմատետրի իր էջին գրած է Արցախի Հանրապետութեան ԱԳ նախարար Դաւիթ Բաբայեանը։

«Ամէն ինչ գտնւում է մեր զինուած ուժերի վերահսկողութեան ներքոյ։ Միայն խնդրում եմ հետեւել բացարձակապէս պաշտօնական լրահոսին եւ սադանքների չտրուել», - նշած է ան։

Նշենք, որ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ 1 օգոստոսին, ժամը 9:00-էն սկսեալ, Արցախի Հանրապետութեան հիւսիսային եւ հիւսիսարեւմտեան սահմանագօտիի շարք մը հատուածներու մէջ ատրպէյճանական ստորաբաժանումները դիմած են սադրանքի` կատարելով շփման գիծը հատելու փորձեր, որոնք կասեցուած են պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներուն ուժերով: Հայկական կողմէն կորուստներ չկան: Իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած:

Կատարուածին մասին հանգամանալից տեղեկատուութիւն տրամադրուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան: