image

Խոշոր հրդեհ՝ Երեւանի Ղազար Փարպեցի փողոցի բնակարաններէն մէկուն մէջ

Խոշոր հրդեհ՝ Երեւանի Ղազար Փարպեցի փողոցի բնակարաններէն մէկուն մէջ

25 Յունուարին հրդեհ բռնկած է Երեւանի Ղազար Փարպեցի փողոցի 9Բ շէնքի բնակարաններէն մէկուն մէջ։ Այդ մասին ժամը 01:01-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է:

Դէպքի վայր մեկնած են հրդեհաշիջման եւ փրկարարական աշխատանքներու հերթապահ խումբը։

Պարզուած է, որ հրդեհը բռնկած է նշուած հասցէի բնակարաններէ մէկու ննջասենեակին մէջ։

Հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 01։17-ին, մարած՝ 01։26-ին։ Այրած են ննջասենեակի գոյքը եւ կենցաղային իրեր (մօտ 6 քմ)։