image

Խոշոր արկած Երեւանի մէջ. Կան վիրաւորեալներ

Խոշոր արկած Երեւանի մէջ. Կան վիրաւորեալներ

10 Սեպտեմբերին, խոշոր ու շղթայական ինքնաշարժի վթար տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ: Ժամը 20:50-ի սահմաններուն Իսաքովի պողոտային մէջ՝ ԱՄՆ դեսպանատան հարեւանութեամբ, բախած են BMW X5, Hyundai Elantra, Nissan եւ թիւ 24 երթուղին սպասարկող փոքր հանրակառքը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ shamshyan.com-ը, բախման հետեւանքով, ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ 2 հոգի քաղաքացիական մեքենաներով տեղափոխուած են հիւանդանոցներ:

Ոստիկանութիւնը կը պարզէ վարորդներու եւ վիրաւորներու ինքնութիւնը:

Մանրամասները՝ սկզբնաղբիւր կայքին մէջ։