Անվտանգութեան դաշնային ծառայութիւնը յայտարարած է, որ Խրիմի կամուրջի համար պայթուցիկները առաքուած են ծովով, սակայն դեռ պարզ չէ, թէ ինչպէս եւ արդեօք փոխադրութեան համար օգտագործուած է հացահատիկատար նաւ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը։
«Անվտանգութեան դաշնային ծառայութիւնը յայտարարած է, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, այսպէս կոչուած բեռը, աւելի ճիշդ՝ պայթուցիկները, ծովով ուղարկուած են Օտեսայէն, բայց չէ պարզուած՝ արդեօք այն տեղափոխուած է հացահատիկատար նաւով, թէ ոչ։ Այդ հարցի պատասխանը դեռ չկայ»,-լրագրողներուն ըսած է Փութինը։