image

Խրիմի կամուրջի պայթումին պայթուցիկները բերուած են ծովու ճամբով

Խրիմի կամուրջի պայթումին պայթուցիկները բերուած են ծովու ճամբով

Անվտանգութեան դաշնային ծառայութիւնը յայտարարած է, որ Խրիմի կամուրջի համար պայթուցիկները առաքուած են ծովով, սակայն դեռ պարզ չէ, թէ ինչպէս եւ արդեօք փոխադրութեան համար օգտագործուած է հացահատիկատար նաւ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը։

«Անվտանգութեան դաշնային ծառայութիւնը յայտարարած է, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, այսպէս կոչուած բեռը, աւելի ճիշդ՝ պայթուցիկները,  ծովով ուղարկուած են Օտեսայէն, բայց չէ պարզուած՝ արդեօք այն տեղափոխուած է հացահատիկատար նաւով, թէ ոչ։  Այդ հարցի պատասխանը դեռ չկայ»,-լրագրողներուն ըսած է Փութինը։