Խրիմի եւ Հայաստանի միջեւ կը նախատեսուի նոր զբօսաշրջային երթուղի բանալ: Այս մասին յայտարարած է Խրիմի Հանրապետութեան փոխվարչապետ, ելեւմուտքի նախարար Իրինա Քիվիքօն:
«Զբօսաշրջութեան ոլորտի եւ առողջարանային սպասարկման հետ կապուած` արդէն 5 համաձայնագիր ստորագրուած է, հայկական ընկերութիւններէն շատ հետաքրքրական առաջարկներ կան «Մետաքսէ ճանապարհ-Խրիմ-Հայաստան» զբօսաշրջային երթուղիին վերաբերեալ», ըսած է Քիվիքօ:
Խրիմի փոխվարչապետը նշած է, որ այդ զբօսաշրջային երթուղին հետաքրքրական է ինչպէս պատմական, այնպէս ալ ճանաչողական տեսանկիւնէն: