Խէրսոնի շրջանը, ինչպէս նաեւ Տոնէցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններու ազատագրուած տարածքները պիտի դառնան Ռուսաստանի մաս: Բացի այդ, հանրաքուէի արդիւնքներով Զապորոժիէի շրջանը եւս կրնայ դառնալ Ռուսիոյ Դաշնութեան ենթակայ, յայտարարած է իշխող «Ետինայա Ռոսիա» կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի քարտուղար Անտրէյ Թուրչաքը:
«որոշումը պէտք է կայացնեն իրենք` բնակիչները, եւ ես վստահ եմ, որ անոնք պիտի ընդունին այդ որոշումը, հետեւաբար, ես կասկած չունիմ, որ այս տարածաշրջանը պիտի ըլլայ Ռուսիոյ Դաշնութեան կազմին մէջ, մարդիկ կը փափաքին պաշտպանութիւն, կայունութիւն, որպէսզի վերջապէս, անոնց դէմ Արեւմուտքի կողմր օրինականացուած պանտերական ահաբեկչութենէն յետոյ, երկար սպասուած եւ յարատեւ խաղաղութիւն գայ», ըսած է Թուրչաք:
Անոր խօսքով, «ոչ ոք ընդհանրապէս կը կասկածի», որ Տժհ-ի եւ Լժհ-ի տարածքները պիտի համարկուին Ռուսիոյ: Ան յաւելած է, որ Զապորոժիէի շրջանի բնակիչները նոյնպէս կ'աջակցին Ռուսիոյ Դաշնութեան միանալու գաղափարին: Երբ իրավիճակը թոյլ տայ, տարածաշրջանին մէջ հանրաքուէ պիտի կայացուի:
«Հանրաքուէ պէտք է կազմակերպել երբ որ անոր համար իրավիճակը պատրաստ ըլլայ, երբ որ դադրին գնդակոծութիւնները եւ յայտնուի անվտանգութեան գօտի», ըսած է «Ետինայա Ռոսիա»-ի գործադիր խորհուրդի քարտուղարը: