image

Խաթիպզատէ. Իրան պիտի չարտօնէ, որ իր սահմաններուն սիոնական ուժեր գտնուին

Խաթիպզատէ. Իրան պիտի չարտօնէ, որ իր սահմաններուն սիոնական ուժեր գտնուին

Իրանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան խօսնակ Սայիտ Խաթիպզատէ ըսած է. «Իրան ոեւէ մէկուն հետ չի կատակեր իր ազգային անվտանգութեան հարցով, եւ այդ բոլորին լաւ յայտնի է: Մենք յստակ ուղերձ յղեցինք բոլոր հարեւան երկիրներուն, որ Իրանը երբեք չի հանդուրժեր սիոնիստական  ներկայութիւնը իր սահմաններուն, եւ այդ ապացուցուած է գործնականին մէջ»: 

Խաթիպզատէ ընդգծած է, որ միջուկային բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Վիեննայի մէջ՝ նշելով, որ իրանեան պատուիրակութիւնը նոր բնագիրի շուրջ պիտի չբանակցի, եւ որ երկխօսութիւնը պիտի ընթանայ միջուկային համաձայնութեան շրջագիծէն ներս: Ան ըսած է, որ «եթէ Արեւմուտքը լուրջ վերաբերէր միջուկային բանակցութիւններուն, ապա ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփ չէր համարձակեր շրջանցել զայն», նշելով, որ «Գերմանիան այն երկիրներէն է, որ չէ կատարած միջուկային համաձայնագրի ծիրէն ներս ստանձնած պարտաւորութիւնները»: