image
Հրատապ լուրեր:

Պայրամովէն արձագանգ. «Խաղաղութեան պայմանագրի հարցով դրական տեղաշարժ նկատած ենք»

Պայրամովէն արձագանգ. «Խաղաղութեան  պայմանագրի  հարցով դրական տեղաշարժ  նկատած ենք»

Խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ Հայաստանի վերջին առաջարկները ստանալէ ետք Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարած է, որ «բաց մնացած հարցերու թիւը կրճատուած է»։

«Քանի մը օր առաջ մենք նոր նախագիծ ստացած ենք Հայաստանէն։ Կ՚ուզեմ նշել, որ համաձայնագրի նախագիծի շուրջ բաց մնացած հարցերու թիւը կրճատուած է։ Որոշ կէտերով դրական տեղաշարժ կը նկատուի»,- յունիս 5-ին հունգարացի գործընկերոջ հետ համատեղ ասուլիսին յայտարարած է Պայրամով։

Նշենք, որ յունիս 4-ին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած էր, որ հայկական կողմը պատասխանած է խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծի վերաբերեալ Ատրպէյճանի վերջին առաջարկներուն՝ ուղարկելով լրամշակուած 9-րդ խմբագրութիւնը։