image

Կեանք... եւ աւելին

Կեանք... եւ աւելին

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ-AMAA) Հայաստանի ներկայացուցիչ՝  Արէն Տէյիրմենճեան 

  իր   ամսավերջի հերթական պատգամով կը գրէ ՝

 

Հիմա տարուան այն ժամանակն է, երբ յետադարձ հայեացքով կը նայիս անցածին եւ կ'անդրադառնաս, թէ  ինչպէս էր ընթացքդ ճիշդ կամ սխալ: Կը մտածես՝ իսկապէ՞ս ըրած ես այն ամէնը, ինչ կրնայիր, իրօ՞ք ջանք գործադրած ես, թէ՞ լռած ես՝ ի հեճուկս անարդարութեան…

Հայր Մունթեր Իսահակ՝ Բեթղեհէմի Աւետարանական լիւթերական եկեղեցւոյ հովիւ, վերջերս ըսած է. «Մենք՝ պաղեստինցիներս, կը վերականգնուինք… Ես կը ցաւիմ յանցակիցներուն համար: Դուք երբեւէ կը վերականգնուի՞ք անկէ»:

Բայց այս տարին այլ կերպ մօտեցաւ իր աւարտին: Աննկատելիօրէն եւ աւելի քան երբեւէ, մենք կարծես կառչած մնացինք 2023-ին: Կ'երեւի մեզի կը թուէր, որ դեռ շատ ընելիքներ կան: Մի գուցէ մենք մեզի չբաւարարուած կը զգայինք, կամ որոշակի եզրափակման խիստ կարիք ունէինք:

Որքան ալ փափաքինք իրաւացի ըլլալ մեր այս ընկալումներուն մէջ, պէտք չէ տեսադաշտէն բաց թողենք այն, ինչ իսկապէս կարեւոր է: Սուրբ Ծնունդը առիթ կու տայ մեզի՝ խորհելու նորոգութեան եւ վերականգնման մասին: Այդ կը նշանակէ՝ նորէն կեանք առնել մեռած վիճակի մէջ յայտնուելէ յետոյ: Քրիստոսի տուածը ճիշդ այդ է. կեանք` աւելի լեցուն ու անարատ:

Կը խնդրենք միանալ մեր ջանքերուն՝ այդ կեանքը մարդոց առօրեան վերադարձնելու համար: amaa.org/projectrevive