image

Կազի արտահոսքի պատճառով պայթում Պոլսոյ Գատըգիւղ շրջանին մէջ. Կայ 3 զոհ

Կազի արտահոսքի պատճառով պայթում Պոլսոյ Գատըգիւղ շրջանին մէջ. Կայ 3 զոհ

Իսթանպուլի բնակելի շէնքին մէջ տեղի ունեցած պայթումի հետեւանքով երեք մարդ մահացած է։ Տեղեկութիւնը Twitter–ի իր էջով յայտնած է քաղաքապետ Ալի Երլիկաիան։

«Ցաւօք, բնական կազի պայթումի հետեւանքով երեք մարդ մահացած է», – գրած է ան` աւելցնելով, որ որոնողական աշխատանքները կը շարունակուին։

Շէնքը գտնուած է Պոլսոյ Գատըգիւղ թաղամասին մէջ։ Դէպքի վայր ժամանած մեծ թիւով հրշէջ ջոկատներ եւ շտապօգնութեան մեքենաներ։

Նշենք, որ պայթումը պատահած է 9 հոկտեմբերի երեկոյեան։ Պայթումէն ետք հրդեհ է բռնկած է։