image

Կազայի վերականգնման համար կը պահանջուի աւելի քան 90 միլիառ տոլար. Եգիպտոսի նախագահ

Կազայի վերականգնման համար կը պահանջուի աւելի քան 90 միլիառ տոլար. Եգիպտոսի նախագահ

Իսրայէլեան ուժերու ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով աւերուած Կազայի հատուածի վերականգնման համար կը պահանջուի աւելի քան 90 միլիառ տոլար, յայտարարած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթահ Ալ Սիսին։ Անոր խօսքերը մեջբերած է ԹԱՍՍ։

Նախագահին խօսքով՝ Կազայի հատուածը մեծ ողբերգութեան ականատես է, այնտեղ հազարաւոր մարդիկ զոհուած են ։

«Կազայի հատուածը ներկայիս մեծ ողբերգութեան ականատես է, հազարաւոր մարդիկ զոհուած են, եւ այդ հատուածը վերականգնելու համար անհրաժեշտ է աւելի քան 90 միլիառ տոլար ծախսել», - ըսած է Եգիպտոսի առաջնորդը «Ալ Գահիրա Ալ Իխպարիա» հեռուստաալիքի եթերով: 

Աւելի վաղ լրատուական միջոցները գրած էին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը կրկին սկսած է Իսրայէլէն պահանջել ժամանակաւոր հրադադար Կազայի մէջ եւ պաղեստինեան բնակչութեան մարդասիրական օգնութեան ծաւալի յաւելում:

Նշենք, որ հոկտեմբերէն ի վեր Կազայի զոհերու թիւը գերազանցած է 30,000-ը: