Արցախի Հանրապետական բժշկական կեդրոնէն Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ անհետաձգելի մասնագիտացուած բժշկական օգնութիւն ստանալու համար 6 բուժառուներ ուղեկցողներու հետ միասին տեղափոխուած են ՀՀ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։
«Նախատեսւում է օրուայ ընթացքում Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի մեքենաներով Արցախ վերադարձնել 3 բուժառուների՝ ուղեկցողների հետ միասին, ովքեր ժամանակին պետական պատուէրի շրջանակներում ուղեգրուել են ՀՀ բուժում ստանալու համար»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Նշուած է, որ «Արեւիկ» բուժմիաւորումէն ներս այս պահուն բուժում կը ստանայ 37 երեխայ, 4-ը կը գտնուի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքէն ներս:
Իսկ Հանրապետական բժշկական կեդրոնին մէջ բուժում կը ստանայ 87 հիւանդ, 6 բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքէն ներս, որմէ 3-ը՝ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ։