image

Արցախի մէջ ուժեղ քամին ու կարկուտը լուրջ վնասներ պատճառած են

Արցախի մէջ ուժեղ քամին ու կարկուտը լուրջ վնասներ պատճառած են

30 յունիսին կարկուտ տեղացած է Ասկերանի եւ Մարտունիի շրջանները: Քամիի ուժգնացման հետեւանքով մայրաքաղաքին մէջ ցանկապատ շրջուած է, իսկ Ասկերանի շրջանի Այգեստան եւ Բերքաձոր համայնքներուն մէջ վնասուած են բնակելի տան տանիքներ, ելեկտրալարեր եւ ծառեր: Այդ մասին յայտնած են Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն։

30 յունիսին՝ ժամը 19:50-էն 21:20-ի միջոցին, «911» ճգնաժամային կառավարման կեդրոն տեղացած կարկուտի վերաբերեալ 6 ահազանգ ստացուած է: Ասկերանի շրջանի Լուսաձոր, Դահրաւ, Աստղաշէն, Պատարա եւ Այգեստան համայնքներուն մէջ տեղացած կարկուտի տրամաչափը կազմած է մօտ 0,5-1 սմ:

Կարկուտ տեղացած է նաեւ Մարտունիի շրջանի Բերդաշէն, Աշան, Նորշէն, Միւրիշէն եւ Աւդուռ համայնքները: Վնասի չափը կը ճշդուի:

Ժամը 18:10-ին գրանցուած ահազանգի համաձայն, մայրաքաղաքի Տ. Մեծ փողոցին վրայ քամին շրջած է մօտ 50 մ. երկարութեամբ եւ 2 մ. բարձրութեամբ ցանկապատը:

Ուժեղ քամին վնասներ հասցուցած է նաեւ Բերքաձոր եւ Այգեստան համայնքներուն: Գրանցուած ահազանգերու համաձայն, վնասուած է ընդհանուր առմամբ 8 տան տանիքներ: Բերքաձոր, քամիի ուժգնացման հետեւանքով տեղէն ելած են նաեւ ելեկտրալարեր, կոտրած են ծառեր, որու հետեւանքով փակուած էր ճանապարհը:

Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան արագ արձագանգման յատուկ ստորաբաժանման հերթապահ անմիջական խումբը, բնական աղէտին հետեւանքները մեղմացնելու նպատակով, իրականացուցած է անյետաձգելի վթարափրկարարական աշխատանքներ: