image

Կարեւորը միասնական ջանքերն են. Արայիկ Յարութիւնեան

Կարեւորը միասնական ջանքերն են. Արայիկ Յարութիւնեան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը Ապրիլ 15-ին ընդունած է խումբ մը քաղաքացիներ, որոնք վերջին օրերուն շփման գիծին վրայ յառաջացած լարուածութեան ընթացքին կամաւորական սկզբունքով ծառայութեան մեկնած են:

Շնորհակալութիւն յայտնելով հայրենասիրութեան բարձր գիտակցութեան համար` երկրի ղեկավարը արդիւնաւէտ գնահատած է անոնց կատարած աշխատանքը` ընդգծելով այն Պաշտպանութեան բանակի եւ ուժային այլ կառոյցներու ստորաբաժանումներուն հետ համագործակցուած եղանակով իրականացնելու հանգամանքը:

Հանրապետութեան նախագահը համոզմունք յայտնած է, որ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակին մէջ նոյնիսկ միասնական ջանքերով հնարաւոր է յաղթահարել առկայ մարտահրաւէրները: Այդ ծիրին մէջ Արայիկ Յարութիւնեանն անդրադարձած է Հանրապետութեան մէջ տիրող ռազմաքաղաքական իրավիճակին ու յառաջիկայ ընելիքներուն, ինչպէս նաեւ պատասխանած է կամաւորականներըն յուզող հարցերուն: