image

Կարեւոր ժողով Մարսէյլի մէջ. Ներկայ եղած է նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան (Լուսանկար)

Կարեւոր ժողով Մարսէյլի մէջ. Ներկայ եղած է  նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան (Լուսանկար)

Լիբանանահայութեան կեդրոն համարուող Պուրճ Համուտի եւ անոր քաղաքապետութեան ու քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին նմանօրինակ ժողովներու եւ նախաձեռնութիւններու մասնակից դառնալը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ հակառակ այսօրուան դժուարագոյն պայմաններուն լիբանանահայութիւնը կը շարունակէ ու պիտի շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ։

Ֆրանսական զարգացման գործակալութեան կազմակերպութեամբ օրերս Մարսէյլի մէջ տեղի ունեցած է  համաժողով մը յատկացուած՝ Լիբանանի քաղաքապետութիւններու զարգացման համար նախատեսուած ծրագրին։

 Սոյն ժողովին ներկայ եղած է նաեւ Լիբանանի Պուրճ Համուտ հայահոծ շրջանի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան։

Այս մասին «Արեւելք» մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեց ֆրանսական Presse Agence-էն։

Աղբիւրը կը նշէ, որ ժողովը տեղի ունեցած է  անցնող 1-էն 4 յունիսին, եւ մասնակիցները մանրամասնօրէն քննարկած են Լիբանանի քաղաքապետութիւններու եւ տարբեր քաղաքներու դիմագրաւած հիմնախնդիրներն ու այդ խնդիրներու լուծման համար նախատեսուած ծրագրերը։ 

  Նշենք, որ վերջին շրջանին հիմնադրուեցաւ Լիբանանի քաղաքապետարաններու ուսումնասիրութեան կեդրոնը (CEFOM), որուն հիմնական նպատակն է համադրել բոլոր մակարդակի աշխատանքները, որոնք միտուած են լուծելու քաղաքապետութիւններու եւ քաղաքներու դիմագրաւած հիմնահարցերը։ 

Նշենք նաեւ, որ Պուրճ Համուտէն բացի սոյն ժողովին ներկայ գտնուած են նաեւ Պէյրութի, Թրիփոլիի, Ժըզինի, Զահլէի, Զուք Մըքայէլի, Մազրաթ Ալ Շուֆի եւ Նահր Իպրահիմ շրջաններու ներկայացուցիչները։

Ուշագրաւ է նշել, որ ժողովին մանրամասնօրէն քննարկուած է Պուրճ Համուտի մէջ քաղաքաշինութեան միտուած կարեւոր ծրագիր մը, որ իրականութիւն պիտի դառնայ Avitem կազմակերպութեան նեցուկով։ 