image
Հրատապ լուրեր:

Կառավարութիւնը հաստատած է Դաւիթ Գիւրջինեանը Պրիւսովի անուան պետական համալսարանի տնօրէնի պաշտօնին

Կառավարութիւնը հաստատած է Դաւիթ Գիւրջինեանը Պրիւսովի անուան պետական համալսարանի տնօրէնի պաշտօնին

ՀՀ Կառավարութիւնը հաստատած է «Վ. Բրիւսովի անուան պետական համալսարան» հիմնադրամի տնօրէնի ընտրութեան արդիւնքները:

«Այս որոշման ընդունման անհրաժեշտութիւնը բխում է բարձրագոյն եւ յետբուհական մասնագիտական կրթութեան մասին օրէնքի 15-րդ յօդուածի 4-րդ մասի պահանջներից, ըստ որի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան ռեկտորն ընտրւում է բաց մրցոյթի կարգով, ուսումնական հաստատութեան խորհրդում գաղտնի քուէարկութեամբ, 5 տարի ժամկէտով: Ռեկտորի ընտրութեան արդիւնքները հաստատում է հիմնադիրը: Բրուսովի անուան պետական համալսարանի կանոնադրութեան համաձայն՝ համալսարանի հիմնադիրը ՀՀ-ն է՝ ի դէմս ՀՀ կառավարութեան»,-ըսած է ԿԳՄՍ նախարար Ժաննա Անդրէասեանը, աւելցնելով, որ պաշտօնի համար մրցոյթը տեղի ունեցած է 29 մարտին եւ փակ գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքով բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Դաւիթ Գիւրջինեանն ընտրուած է Պրիւսովի անուան պետական համալսարանի տնօրէնի պաշտօնին՝ հինգ տարի ժամկէտով:

ԿԳՄՍ նախարարը ըսած է, որ շուրջ մէկ տարի ան յաջողութեամբ իրականացուցած է տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի պարտականութիւնները։

Դաւիթ Գիւջինեան շնորհակալութիւն յայտնած է համալսարանի հոգաբարձուներու խորհուրդին, փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեանին, Ժաննա Անդրէասեանին, որ օգնեցին իրեն՝ դուրս բերել համալսարանը ճգնաժամէն եւ աջակցեցան նոր ծրագրեր իրականացնելու հարցով:

«Կարծում եմ, որ առաջիկայ տարիների ընթացքում Բրիւսովի անուան պետական համալսարանը պիտի վերադառնայ իր նախկին կոչմանը, որն է լեզուաբանական եւ լեզուահասարագիտական կրթութիւնը, օտար լեզուների ուսուցումը, եւ այս անորոշ անունը ժամանակավրէպ է՝ այսօր ուղղակի պետական համալսարան. ոչ տեղորոշուած է, ոչ էլ մասնագիտութիւն կայ այս անուան մէջ: Հետագայում ակնկալում եմ լիազօր մարմնի եւ Կառավարութեան աջակցութիւնն այս հարցում նոյնպէս»,-ըսած է համալսարանի տնօրէն Դաւիթ Գիւրջինեանը: