Փորձեցի դանդաղ ազատիլ, բայց տղան սեւ աչքերը սեւեռեց դէմքիս: Կռացայ եւ հարցուցի.- Փոքրիկս, ուրիշ բան պէ՞տք է: Երեխային պատասխանը ոչ միայն ցնցեց զիս, այլ նաեւ ամբողջովին փոխեց իմ հայեացքը կեանքին հանդէպ.
-Ոչ, քեռի, ես կ'ուզեմ յիշել քու դէմքը, տպագրել այն իմ հոգւոյս մէջ, որպէսզի երբ հանդիպինք դրախտին մէջ, ճանչնամ քեզ եւ անգամ մը եւս Աստուած պապիկի ներկայութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեմ:
Երբ հնդիկ միլիառատէր՝ Ռաթան Թաթային ռատիոյի հաղորդավարը հարցուցած է հեռախօսազրոյցի ընթացքին. «Պարոն, ո՞ր պահը կը յիշէք որպէս ձեր կեանքի ամենաերջանիկ պահը» Ռաթան Թաթա ըսած է.
«Ես անցայ կեանքիս մէջ երջանկութեան չորս փուլ եւ վերջապէս հասկցայ իսկական երջանկութեան իմաստը: Առաջին փուլը հարստութիւն եւ միջոցներ կուտակելն էր: Բայց այս փուլին ես չհասայ իմ ուզած երջանկութեան: Յետոյ եկաւ երկրորդը՝ թանկարժէք իրերու հաւաքածոյ: Բայց այս ալ չերջանկացուց, հասկցայ, որ ազդեցութիւնը ժամանակաւոր է եւ ոչ մնայուն: Երրորդը՝ Հնդկաստանի եւ Ափրիկէի մէջ վառելանիւթի (տիզըլ) պաշարներու տոկոսը: Ես նաեւ ունէի Հնդկաստանի եւ Ասիոյ ամենամեծ պողպատի գործարանը: Բայց այստեղ նոյնպէս ես կ'երազէի երջանկութեան մասին: Եւ…չորրորդ փուլը: Ընկերս խնդրեց ինձմէ սայլակ գնել որոշ հաշմանդամ երեխաներու համար: Մօտ 2000 երեխայի համար, ես գնեցի անուասայլակները։ Բայց ընկերս պնդեց, որ ես երթամ իր հետ եւ սայլակներն ես տամ երեխաներուն։ Գացինք: Այնտեղ ես իմ ձեռքով սայլակները տուի երեխաներուն ու երջանկութեան տարօրինակ փայլ տեսայ անոնց դէմքերուն վրայ: Բոլորը իրենց անուասայլակով կը շրջէին եւ կը զուարճանային: Անոնք կարծես կը կիսուէին յաղթողի նուէրը: Ես իսկական երջանկութիւն զգացի իմ խորքս: Երբ որոշեցի հեռանալ, երեխաներէն մէկը բռնեց ոտքս։ Փորձեցի դանդաղ ազատիլ, բայց տղան սեւ աչքերը սեւեռեց դէմքիս: Կռացայ եւ հարցուցի.- Փոքրիկս, ուրիշ բան պէ՞տք է: Երեխային պատասխանը ոչ միայն ցնցեց զիս, այլ նաեւ ամբողջովին փոխեց իմ հայեացքը կեանքին հանդէպ.
-Ոչ, քեռի, ես կ'ուզեմ յիշել քու դէմքը, տպագրել այն իմ հոգւոյս մէջ, որպէսզի երբ հանդիպինք դրախտին մէջ, ճանչնամ քեզ եւ անգամ մը եւս Աստուած պապիկի ներկայութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեմ:
Շուշաննա Հայասա
Նիւթը՝ BarevBlog կայքէն
«Արեւելք»ի համար արեւմտահայրէնի վերածեց՝ Թ.Գ.