image

Ջերմուժի թանկութեան հետեւանքով մահացութիւններու թիւը կ՚աճի Եւրոպայի մէջ

Ջերմուժի թանկութեան հետեւանքով մահացութիւններու թիւը կ՚աճի Եւրոպայի մէջ

The Economist-ը ձեւաւորած է Եւրոպայի ձմրան եղանակին ելեկտրականութեան գիներու կտրուկ աճի ազդեցութիւնը մահացութեան թիւին վրայ եւ եզրակացուցած, որ, սովորական ձմրան պայմաներուն, ջերմուժի ընթացիկ արժէքը, հաւանաբար, յանգեցնէ 147 հազար մահուան: Ծանր ձմրան, այս ցուցանիշը կրնայ հասնիլ 185 հազարի, իսկ մեղմ ձմրան՝ 79 հազարի:

The Economist-ի վիճակագրական մոտելը ներառած էր ԵՄ բոլոր երկիրները, ինչպէս նաեւ Մեծ Բրիտանիան, Նորվեկիան եւ Զուիցերիան։

Ամէն պարագային, կ'ակնկալուի, որ այս ձմրան ջերմաստիճանը, վերջին տասնամեակներուն համեմատ, ծայրայեղ պիտի չըլլայ։

Մոտելը ցոյց տուած է, որ միջին եղանակային պայմաններուն ուժանիւթի 10 տոկոս թանկացումը կապուած է մահացութիւններու 0,6 տոկոս աճի հետ։

Արդիւնքներուն համաձայն՝ Իտալիոյ մէջ, ուր տարեց բնակչութիւնն աւելի շատ է եւ կը գործեն ջերմուժի բարձր գիներ, ամենաշատ մահերը պիտի արձանագրուին։ Նման իրավիճակը նաեւ Էսթոնիոյ եւ Ֆինլանտայի մէջ է։

Մեծ Բրիտանիան եւ Ֆրանսան աւելի լաւ իրավիճակի մէջ են: Իսկ Աւստրիոյ մէջ, որ սահմանած է շատ առատաձեռն գիներու առաստաղ, կը սպասուի, որ ձմրան մահացութիւնը նուազի: